2013-10-31 13:00:34

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատարագն ու քարոզը` ս. Պետրոս պազիլիքայի մէջ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի նուիրուած մատրան մէջ։


Ամէն հինգշաբթի օր առաւօտուն, Լեհ հաւատացեալներ, ս. Պետրոս պազելիքային մէջ, ներկայ կը գտնուին ս. պատարագին, այն մատրան մէջ ուր կը հանգչի երջանկայիշատակ ՅՊԲ Քահանայապետի մարմինը։ Այսօր հինգշաբթի 31 հոկտեմբերիր առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անձամբ մատոյց պատարագը եւ ապա, ներշնչուած օրուայ ս. Գրային ընթերցումներէն, հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց` ''Պօղոս առաքեալը Հռովմէացիներուն ուղղած թուղթին մէջ, գովքը կը կատարէ Աստուծոյ սիրոյն, բացագանչելով` ''ոչ ոք կարող է զիս բաժնել Աստուծոյ սէրէն որ յայտնուեցաւ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ''։ Առանց Քրիստոսի սիրոյն կարելի չէ քրիստոնեայ ըլլալ - ըսաւ Քահանայապետը - աւելցնելով թէ ''քրիստոնեան այն անձն է որ ինքզինք Քրիստոսէն պաշտպանուած կը զգայ։ Քրիստոնեան գիտէ որ իր կեանքը փրկուած է Քրիստոսի արիւնով''։ Անդրադառնալով ապա օրուայ աւետարանին Ֆրանչիսկոս պապը ըսաւ` ''այսօրուայ Ղուկասի Աւետարանը կը նկարագրէ Քրիստոսի ողբը Երուսաղէմի վրայ։ Յիսուս Երուսաղէմը դիտելով բարձունքէն, իր սիրտը թախիծով կը լեցուի, որովհետեւ անոր բնակիչները բնաւ չհասկցան Աստուծոյ սէրն ու գթութիւնը։
Պօղոսի եւ Երուսաղէմի պատկերները իրարու հակասական են։ Պօղոս առաքեալը ցմիշտ հաւատարիմ կը մնայ Քրիստոսի սիրոյն, հակառակ պէսպէս փոթորիկներուն, մինչ Երուսաղէմը ու անոր բնակիչները, կը մերժեն Յիսուսի սէրը։ Պօղոս առաքեալը, շնորհիւ Քրիստոսի սիրոյն, զօրաւոր ու հաւատարիմ կը մնայ, մինչ Յիսուս կ'ողբայ Երուսաղէմի վրայ ու անոր սիրտը տխրութեամբ կը լեցուի որովհետեւ անոր բնակիչները կը մերժեն համապատասխանել Յիսուսի սիրոյն։
Սրբազան Հայրը հարց կու տայ ''ես ո՞րուն աւելի կը նմանիմ, Պօղոսին թէ Երուսաղէմին, իմ սէրը Պօղոսի նման զօրաւո՞ր է, թէ Երուսաղէմի նման քաղջ է։
Թող ամենակալ Տէրը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի բարեխօսութեամբ օգնէ մեզի պատասխան տալու այս հարցումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.